2014-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը պիտի շնորհուի` Քայլաշ Սաթիարթհիին եւ Մալալա Եուսուֆզային:
(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10ին, յայտարարուեցաւ, թէ
այս տարուան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի երեխաներու իրաւանց համար պայքարած
Քայլաշ Սաթիարաթիին (Հնդկաստան) ու Մալալա Եուսաֆզային (Փաքիստան)։ Յայտնենք որ Եուսուֆզայ
2013-ին արժանացած էր Սախարովի անուան մրցանակին: Իր պլոկին մէջ ան քննադատած է Թալեպան
շարժումը եւ զօրակցած կիներու` կրթութիւն ստանալու իրաւունքին: Մինչ Սաթիարթհի հիմնած
է ''Պաչփան Պաչաօ Անտոլան'' կազմակերպութիւնը, որ իր գործունէութեան գրեթէ 15 տարիներուն
ընթացքին տարբեր տեսակի ստրկութիւններէն ազատած է աւելի քան 80 հազար երեխայ, ապա անոնց
օգնած յաջողութեամբ վերականգնելու եւ կրթութիւն ստանալու: Նշենք թէ Գրականութեան մրցանակին
արժանացած է ֆրանսացի գրող Փաթրիք Մոտիանօ, որուն գործերուն մեծամասնութիւնը հիմնուած
է անոր կեանքին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Ֆրանսայի շրջափակման ժամանակաշրջանի
իրադարձութիւններուն վրայ: Քիմիագիտութեան մարզին մէջ մրցանակի դափնեկիր դարձած են
Էրիք Պեթսիկ, Սթեֆըն Հել եւ Ուիլեըմ Մերներ, իսկ բնագիտութեան մարզին մէջ՝ Իսամու Աքասաքի,
Հիրոսի Ամանօ եւ Սիուճի Նաքամուրա: Բժշկութեան մարզին մէջ մրցանակի արժանացած են Մայ
Պրիթ եւ Էտվարտ Մոզըր ամոլն ու Ճան Օ՛քիֆ: Պարգեւատրման արարողութիւնը, ըստ աւանդութեան,
տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 10ին՝ մրցանակի հիմնադիր շուէտացի գիտնական Ալֆրետ Նոպէլի
մահուան օրը: